Արմենական Կուսակցություն - «Արմենիա» թերթ

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԹԵՐԹ. ԹԻՒՐՔԻԱՆ ՉՈՒԶԵՐ ԼՍԵԼ

 

Կ. Պօլիս

Արմէնիաի Ա թուով մենք գրած էինք, Վանի վերաբերեալ մի յօդուածի մէջ, թե կառավարական երկրորդական պաշտօնեայներ և չօրպաճիներ խեղճ ժողովրդի արիւնը կը ծծեն: Մենք մտածելով, թե մի այդպիսի բարբարոսական դրութիւն հակառակ է Մեծ Եպարքոս Սայիտ փաշայի փափաքներին, ժողովրդի ճշգրիտ վիճակը եւ լալագին ձայնը ներկայացուցինք իրեն Արմենիաի միջոցով եւ ապահով ենք, որ այդ ձայն Իրեն հասած է, որովհետեւ իրեն ուղղուած եւ ապահովագրուած նամակով իւր ուշադրութեան ներկայած էինք այդ յօդուած: Միեւնոյն ժամանակ, ապագային մէջ չար թելադրութիւններէ զգուշացնելու համար Նորին Բարձրությունը, յայտնած էինք, թէ այդ հարստահարիչներ այնպիսի ճարպիկ եւ անխիղճ մարդեր են, որ ամեն կեղտոտ միջոցներով պիտի ջանան Արմէնիաի ձայնը խեղդելու, որպէս զի Բ. Դուռը չիմանայ Հայաստանի բուն վիճակը, որ շատ սարսափելի է արդարեւ:

Մեր տխուր գուշակութիւն կատարուեցավ այժմ: Արմէնիաի նոյն իսկ Ա թիւը երբ կհասնի Վան, նահանգային գրաքննիչ ժողովը (որովհետեւ Վանի մէջ մասնաւոր գրաքննիչ ժողով կայ լրագիրների համար, մինչդեռ Թիւրքիաի ուրիշ նահանգների մէջ չկայ այդ) վտանգավոր համարելով զայն, կարգիլէ ցրուել բաժանորդներին: Իսկ Կ. Պօլիս ալ մինչեւ 4դ. թիւը մտնելէ յետոյ Բ. Դուռը կարգիլէ Արմէնիաի մուտքը օսմանեան պետութեան մէջ:
Արդ ի՞նչ կնշանակէ այս արգելք եւ ի՞նչ բանէ յառաջ եկած է:

Կը նշանակէ թէ Մեծ Եպարքոս Սայիտ փաշան մեր իրեն ուղղած նամակին եւ յօդուածին կը գայ այժմ պատասխանելու շնորհն անել մեզ հետեւեալ կերպով:
Կը զարմանանք ձեր խելքի վրայ, կուզէ ասել Նորին Բարձրութիւնը, որ մինչեւ այժմ դեռ չէք հասկցած եղեր այն առած, թէ ձուկը գլխէն կը հոտի: Մի՞թէ մենք չենք կարող, եթէ փափաք ունենանք, իմանալ եւ բառնալ այն հարստահարութիւններ որ դուք կը նշանակէք: Մի՞թե դուք չեք հասկցած դեռ, որ Արմէնիաի մէջ այդ հարստահարութիւններ փաշաներին եւ չօրպաճիներին անել տուողը մենք ենք եւ մեզ գրգռած կը լինիք, որմէ պետք էր, որ դուք զգուշանայիք, եթէ կուզէիք, որ ձեր թերթ ազատ մուտք ունենար Թիւրքիաի մէջ: Մենք չենք կարող լսել այդ տեսակ ճշմարտութեան ձայնը: Թիւրք կառավարութեան համար իբր վճռուած դրութիւն ընդունած ենք ճնշել եւ հարստահարել հայ ազգը, որ հետզհետէ բոլորովին վերնայ աշխարհիս երեսէն. չե՞ք տեսներ  որ քնաի տարիներ յառաջ 5 միլիօն հռչակուած հայը 3միլիօնի իջած է այժմ. նորա 1 միլիօնն ալ Ռուսիաի մէջ է, իսկ Թիւրքիաի մէջ հազիվ 2 միլիօն կը գտնուի այժմ: Դուք մեր այսչափ ջանքերի եւ զոհողութիւնների դեմ, ի՞նչպէս կը յանդգնիք պաշտպանել  հայ ազգի գոյութեան դատը:

Արմէնիաիդեմ Սայիտ փաշայի հանած արգելքի բարձրագոյն հրամանը ասկէ ուրիշ նշանակութիւն չկրնար ունենալ:

Վան: Ախթամար կղզի

Ի՞նչ բանի յառաջ եկած է արդեօք այս արգելք: Արմէնիան անարգել մտած է Կ. Պօլիս մինչեւ 4դ. թիւ: Արգելքը սկսած է 4դ. թուին վրայ: Արդ, մենք աչքէ անցունելով Արմէնիաի 4դ. թիւը, որ տեղ է տուեր այդ խստութեան, կենթադրենք, թէ Սայիտ փաշային գրգռած լինին այն մի քանի տող դիտողութիւններ, որք հոգելոյս Ներսէս Սրբազանի յաջորդին, Յարութիւն պատրիարքին առ Միւզիւրիա փաշա տուած հեռագրին կը վերաբերին, որով պատրիարքը կը յայտարարէր աշխարհի առջեւ, թէ հակառակ Մեծ. Պարոն Կ. Յակոբեանի յայտարարութիւններին ի Լոնտոն, հայեր շատ երջանիկ վիճակ ունին Հայաստանի մէջ օսմ. բարեխնամ կառավարութեան հովանուն տակ:  Կերեւի, թէ Յարութիւն պատրիարքին ուղղեալ այն տողեր շատ են գրգռեր Սայիտ փաշայի ջիղերը եւ Նորին Բարձրութիւնը նկատելով, որ Արմէնիաի բաժանորդների մեծ մասը Թիւրքիաէն է, ուզեր է մի հարուած տալ Արմէնիաին եւ անուղղակի միջոցով խափանել եւ լռեցունել նորա ձայն: Ուրեմն օսմ. կառավարութիւնը, որ ազգով տաճիկ եւ կրօնով քրիստոնեայ բայց հայերին պատրիարք դարձած Յարութիւն Սրբազանը (1) գործիք արած է այժմ հայ ժողովուրդը հարստահարելու համար, շատ լաւ գիտէ, թէ Հայաստան վերին աստիճան անտանելի եւ դժոխային վիճակի մէջ կը գտնուի, բայց որովհետեւ որոշեր է այդ վիճակի մէջ թողուլ միշտ, չախորժեր լսել ճշմարտութեան ձայնը. նաեւ կուզէ, որ ո՛չ ինք ո՛չ ալ ուրիշներ մի բառ անգամ չլսեն նոցա թշուառութեան մասին:

Հետեւապէս, Թիւրք կառավարութիւնը իւր մատներ ուժով կը խօթէ այժմ իւր ականջների մէջ եւ կը խցէ, որ մի՛ գուցէ ճշմարտութեան ձայնը չի լսէ: Բայց երբ ինք իւր ականջներ փակէ, կը կարծէ որ ուրիշներն ալ չեն կրնար լսել: Թիւրքիաի արածը կը նմանի ճիշդ ջայլամների արածին, որք չտեսնուելու համար գլուխնին կը խօթեն մի տեղ եւ աչքերնին փակեն, ուրիշներն ալ չեն տեսներ զիրենք:

Թիւրքիան իւր այս արգելքով որոշեր է որ ինք ճշմարտութեան, արդարութեան ձայնը չլսէ: Թիւրքիան որոշեր է վերջապէս բնաւ խօսք չհասկնալ, բայց հոգ չէ, մենք կը շարունակենք գրել: Եթէ Արմէնիան Թիւրքիա մտնելը արգիլուեցաւ, Ռուսիաի եւ Եւրոպական այլ մասերի մէջ ալ բաւական թուով հայեր կը գտնուին, որոց ազգասիրական զգացման հրաւէր կը կարդանք Արմէնիաի գոյութիւնը պահպանելու համար: Վստահ ենք, որ այդ հրաւէր անընդունելի չմնար: Փոյթ չէ՛, թո՛ղ Թիւրք կառավարութիւնը  չուզէ լսել, այլ սակայն մենք կը բարձրացունենք դարձեալ մեր ձայն եւ այնչափ բարձր կը հանենք, որ իհարկէ կլսեն ականջ ունեցողները: Ուրիշ բան է, եթէ չլսելու համար իրենց ականջներ ալ կտրեն:

Մ.Փ.

1885 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 16

Ս.Թ.Սարգսյան

Tags, , , ,

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԹԵՐԹ. ԱՐՄԷՆԻԱԻ ԱՐԳԵԼՔԸ / 1885 սեպտեմբեր 16

1885 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 16

ԱՐՄԷՆԻԱԻ ԱՐԳԵԼՔԸ

         Օսմանէան տէրութեան բարձրագոյն հրամանովն արգիլուած է Արմէնիաի մուտքը Թիւրքիաի մէջ: Շաբաթ օր 9 դ. թիւը հրատարակած էինք արդէն, երբ պաշտօնապէս ազդարարուեցաւ մեզ: Կերեւի, թե Կ. Պօլսի լրագիրներին այդ նկատմամբ տուած լուրը սխալ չէր, այլ կանխահաս էր և մինչեւ որ արգելքի հրամանը Բ. Դուռէն  հաղորդուած է ֆրանսիական կառավարութեան, ժամանակ անցած է: Թեեւ Արմէնիաի բաժանորդների 3/4 մասը Թիւրքիաէն էին, բայց Բ. Դռան այդ արգելք մի պատճառ չլինիր մեր թերթի հրատարակութիւնը դադրեցնելու: Արմէնիան պիտի շարունակուի դարձեալ շաբաթն երկու անգամ կանոնաւորապէս: Այս գործի աւելի ոյժ եւ մղում տալու համար կոչում կանենք հայ ազգասէրների զգացման: Թիւրքիաի մէջ մեր ունեցած բաժանորդներ կրնար այս նկատմամբ իրենց դիտողութիւններ յայտնել մեզ: Մենք պատրաստ ենք միշտ մեր յարաբերութիւններ շարունակել իրենց հետ:      1885 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 16

Մ.Փ.      

 

Ս.Թ. Սարգսյան

Tags, , , ,

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԹԵՐԹ. ՎԱՆԻ ՀԱՅԵՐԻ ՎԻՃԱԿԸ ԵԻ ՄԻ ՔԱՆԻ ԱՆԿԵՂԾ ԽՕՍՔԵՐ ԱՌ ՕՍՄ. ՏԵՐՈՒԹԻՒՆ (Մաս 2)

Վանի մէջ ազգային զանազան կուսակցութիւններ, որոց մէջ կան նաեւ այնպիսի անձեր, որ իրեննց անձնական շահի հաշիւները կը ջանան մաքրել ազգային խնդիրների մէջ:  Զօրաւոր դիրք ունեցողները կաշխատին վնասել իրենց հակառակորդների եւ նոցա ազգականների եւ բարեկամների: Իրենց այդ նպատակի հասնելու համար տեղական կառավարութիւնը խաբելով գործիք կանեն եւ այս ու այն անձին վրայ զրպարտութիւններ ընելով, հալածել եւ վնասի ենթարկել կը տան: Բայց օսմ. կէրութեան շահերին վնասակար է երբ մի անմեղ ժողովուրդ չարաչար կը հալածուի ի զուր.- այդպիսի բաներ չեն մտածեր դոքա. բաւական է, որ հասնին իրենց անձնական շահախնդրական նպատակի: Քանիներ արդէն իրենց խիղճը եւ ժողովրդի սիրտը պատուանդան դնելով իրենց ոտքի տակ, բարձրացած են այդ աստիճաններ ուրկէ կը կարողանան իրենց ձայն լսել տալ մինչեւ կառաւարութեան ամենաբարձր տեղերն: Ահա այդպիսի մարդեր, ո՞վ գիտէ ինչ տեսակ ճարպիկ դարձուածներով եւ սուտերով, կը յաջողին նաեւ պղտորել Վանի նահանգապետ Վսեմ. Համիտ փաշայի միտքը, մի քանի անմեղ հայերի նկատմամբ: Քանի որ իրենց գործի յաջողութեան համար ամեն կեղծաւորութիւն եւ ամեն տեսակ զրպարտութիւններ կրնան այդ հարստահարիչներ համոզել Վանի վալին, որ ելնէ ինքնին արգիլէ այս թերթի Վան մտնելն անգամ եւ կամ սուտ, սխալ եւ վրդովիչ տեղեկութիւններ հասցունելով մինչեւ Բ. Դուռը, յաջողին գուցէ մի այդպիսի արգելք ալ դնել տալ. զի դոքա շատ ճարպիկ եւ անխիղճ են իրենց զեղծումների դէմ բարձրացած գանգատի ձայները խեղդելու մէջ, որպէս զի չհասնին իրենցմէ աւելի բարձր տեղերն: Ոչ վեհափառ Սուլթանը, ոչ ալ Բարձր Մեծ Եպարքոսը դիւրութիւն կունենան Վանի ժողովրդին մէջ մտնելու եւ իմանալու իրենց հաղորդուած ամեն լուրերի ստուգութիւնը: Տեղեկութեան համար պիտի դիմեն Վսեմ. Նահանգապետ փաշաին եւ այն աղբիւրների, որոցմէ կը բխին արդէն այս պղտոր ջուրեր: Անմեղ ժողովուրդը այդ մեծամեծների ազդեցութեան տակ ճնշուած, արգիլուած, իւր ձայն մինչեւ իւր սիրած Թագաւորի եւ իւր յոյս դրած Սատրազամի ականջին հասցունելու միջոցներէն զուրկ է բոլորովին: Մեծամեծների պալատներին առջեւ ոստիկաններ կան կանգնած, որք շատ անգամ կարգիլեն ճշմարտութիւնը եւ անկեղծ խոնարհութիւնը ներս մտնելէ. մինչեւ իսկ կը վռնտեն, կը պատժեն զանոնք, եթէ համարձակին աղաչել ներկայանալու համար. այնպես որ այդ Թագաւորը եւ ոչ Բարձր. Խատչազամը կրնան ճիշդ տեղեկութիւններ ստանալ միշտ իրենց ժողովրդի դառն վիճակին վրայ, որի հանգստութեանը համար գիշեր եւ ցերեկ կը մտածեն եւ կաշխատին:

     Ուստի մենք պարտաւոր համարեցինք մեզ, իբր հաւատարիմ հպատակ Օսմ. տէրութեան եւ նորա ճշմարիտ շահերի պաշտպանութեան ցանկացող, մի վերջին ճիգ եւս թափել Վանի հայերի խեղճ եւ վտանգաւոր դրութեան մասին ճշմարտութիւնը ներկայացունելու համար ժողովրդասէր եւ հայրենասէր Սայիտ փաշայի արդարադատ ատեանին եւ Նորին Բարձրութեան ուշադրութիւնը եւ գթութիւնը հայցել իւր կառավարած եւ սիրած երկրի օգտին համար: Այս մտքով, ԱՐՄԷՆԻԱ-ի սոյն թիւէն 2 օրինակ կը ղրկենք ահա Նորին Բարձրութեան, խոնարհաբար խնդրելով ուշադրութեան առնել անկեղծ սրտէ բխած այս գրութիւն:

Այս տողեր գրողի սիրտը, այս րոպէիս, այնպէս ուժգին կը բաբախէ իւր կուրծքի տակ, որ կարծես թէ  կուզէ կուրծքը ճեղքելով դուրս նետուիլ արիւնլուայ եւ պարզուիլ Նորին Բարձրութեան աչքերին առջեւ, որպէս զի Նա կարող լինէր կարդալ ինչ որ կը գտնուի այդ սրտի ամէն ծալքերին մէջ: Ո՞վ չը յուզուիր սաստիկ եւ չփորձուիր մինչեւ իսկ յուսահատուիլ իւր հայրենիքէ, Թիւրքիայէն, եթէ մի անյողդողդ սէր չունենայ անոր վրայ, երբ կը տեսնէ, թէ իւր ազգի եւ տէրութեան օգտին հավատարմութեամբ եւ եռանդով աշխատողների միակ վարձատրութիւնը կը լինի այժմ զոհ երթալ զրպարտիչներին, որք մութի մէջ  գործուած զանազան դարձուածներով կաշխատին փոթորիկ հանել մի բաժակ ջրի մէջ եւ կը յաջողին ալ այդ կերպով փոթորկայոյզ ցոյց տալ ամեն բան: Ամեն խելացի մարդ կրնայ հասկնալ անշուշտ, թէ օսմ. տէրութեան  ճշմարիտ շահերին թշնամութիւն, դաւաճանութիւն է ճնշել եւ հալածել անմեղ, աշխատաւոր եւ հանդարտ ժողովուրդը, ներկայացունելով զանոնք իբր յուսահատ դժգոհներ օսմ. կայսրութենէն եւ ապստամբութեան հակամէտ: Խեղճ ժողովուրդը  բնականապէս մինչեւ մէկ  աստիճան կը բռնադատուի մտածել, որ եթէ 5 մատերնին ալ մոմ անեն եւ վառեն, դարձեալ  չպիտի երեւին թէ իրենք ամենահաւատարիմ, հանդարտ եւ օգտակար հպատակներն են օսմ. տէրութեան: Այսպիսի չափազանց ճնշումներն եւ անտեղի հալածումներն են գաւառներին մէջ, որ կառավարական մի քանի պաշտօնատարների եւ ազդեցիկ մարդերի (թիւրք եւ հայ) զեղծումներին հետ միացած, այն աստիճան կը ճմլեն խեղճ ժողովրդի սիրտը, որ ալ կը վարանի թէ ո՞ր կողմ դառնայ, ո՞ւր դուրս թափէ այն դառն ցաւեր, որք այլ եւս չեն սեղմիր սրտին մէջ: Հալածելը՝ բռնի կերպով դժգոհութիւն յառաջ բերել եւ տարածել զայն. բռնի կերպով գրգռել է հանդարտ ժողովուրդը, որ սկսի յուսահատուիլ այն բարեկարգութիւններէ, զորս Թիւրք կառավարութիւնը մտադիր է հետզհետէ անել, աւելի հանգիստ եւ անդորր մի ապագայ պատրաստելու համար իւր ժողովրդին:

Ուստի խոնարհաբար ներկայանալով մեր այս տողեր Նորին Բարձրութեան Սատրազամի խղճին, գթութեան, արդարութեան եւ իմաստութեանը, կաղաչենք որ շնորհ անէ իւր ուշադրութիւնը դարձունել Վանի անմեղ հայ ժողովրդի այս տառապեալ վիճակին վրայ, տեղական կառավարութեան ի գործ դրած այս անտեղի ճնշումներին եւ հալածանքներին վրայ: Թող շահախնդիր եւ ցածոգի զրպարտիչներ այլեւս իմանան թէ հայրենասէր Սայիտ փաշայի եպարքոսութեան օրով Արդարութիւնը Դամոկլեան սուրի պէս կախուած կայ իրենց գլխին վրայ եւ չթողուր որ ալ աւելի բարձրացունեն իրենց գլուխ, թէ չպիտի կրնան միշտ տեղական կառավարութիւնների միտքը պղտորելով, գործիք անել իրենց անձնական վրիժառութեան հաշիւները մաքրելու… :

Ի՞նչ աչքով պիտի նայուի այս տողերի եւ զանոնք գրողի վրայ. այդ պիտի ցոյց տայ մեզ անշուշտ մօտիկ ապագայն: Սակայն մենք այժմէն կը փութանք ասել եւ կրկնել, թէ այս տողեր անկեղծ եւ խոնարհ զգացումների արտայայտութիւններ են միայն: Եթէ այս տողեր գրողը մի յանցանք ունեցած է, սա է թերեւս որ իւր ազգի եւ օսմ. տէրութեան օգտակար լինելու ջերմ եռանդով վառուող մի սիրտ ունի: Իւր այս յանցանք կը խոստովանի հրապարակի վրայ եւ չդադրիր գործելէ զայն, քանի որ կենդանի շունչ կայ իւր մէջ: Ուստի կը վերջացունէ իւր խօսք, կրկնելով դարձեալ, թէ ինք ինչ որ էր յառաջ, նոյնը պիտի մնայ եւ միշտ եւ թէ այդ սրտի տաք եռանդը գերեզմանի ցուրտ քարը միայն պիտի կրնայ պաղեցունել:

Մ. ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ

 

Ս.Թ.Սարգսյան

Tags, , , ,

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԹԵՐԹ. ՎԱՆԻ ՀԱՅԵՐԻ ՎԻՃԱԿԸ ԵԻ ՄԻ ՔԱՆԻ ԱՆԿԵՂԾ ԽՕՍՔԵՐ ԱՌ ՕՍՄ. ՏԵՐՈՒԹԻՒՆ (Մաս 1)

1885 ՕԳՈՍՏՈՍ 1

ՎԱՆԻ ՀԱՅԵՐԻ ՎԻՃԱԿԸ ԵԻ ՄԻ ՔԱՆԻ ԱՆԿԵՂԾ
ԽՕՍՔԵՐ ԱՌ ՕՍՄ. ՏԵՐՈՒԹԻՒՆ

    1885ի գարունը Վանի համար տարէգլուխ եղաւ նոր աղէտների: Նոր օր, նոր գոյժ կը յաջորդեն իրարու անդադար: Օսմ. Կառավարութիւնը, իրեն հաղորդուած սխալ տեղեկութիւնների հետեւանքով, մարտ 16/28ին հեռացուց Վանէն Մկրտիչ Փորթուգալեան, հիմնադիր-տեսուչ «Վասպուրականի Կեդրոնական Վարժարան»-ին: Հետևեալ օր, մարտ 29ին (Ն.Տ.) բանտարկեց Սէֆիլեան Մկրտիչ անուն երիտասարդը, որ Վանի մէջ անուանի եղած է թե թիւրք եւ թե հայ պաշտօնատարների մօտ աներկիւղ ելևմուտ անելով, ամեն բան համարձակ երեսն ի վեր խօսելու տարօրինակ բնավորութեամբ եւ պատրաստակամութեամբը, թէև ինք բոլորովին անուս մէկն է: Սա մի քանի օրէն յետոյ արձակուած եւ այժմ նորեն բանտարկուած է:

Մարտի 30-ին, կառավարութիւնը հեռացուց Վանէն Խրիմեան Սրբազան Հայրիկը, նախկին Պատրիարք օսմ. հայերին եւ այլն եւ այլն:

Ապրիլ 6-ին հեռացուց Այգավարդ Ասլանեանը, Իզմիրցի վարժապետ Այգեստանի Յայնկոյսներ թաղի վարժարանին:

Յունիս 3-ին փակեց  եւ կնքեց Վարագի վանքի տպարանը, ոստիկանների մի խումբ ունենալով իւր հետ: Նոյն օր նոյն խմբով գնաց ցրուեց «Կեդրոնական» վարժարանի աշակերտները եւ փակեց ու կնքեց վարժարանը:

Յունիս 11-ին, յանկարծ ձերբակալեց Կարապետ Նաթանեանը, անդամ Արարքի Թաղ. Խորհրդին, անդամ Գաւառային Ընդհ. Ժողովին, անդամ Քաղաքական Ժողովին եւ կառավարական զանազան ժողովների ալ անդամ, խելքով  եւ հարստութեամբ նշանաւոր Վանի մէջ: Ժամանակ բնաւ չտալով, փոստով անմիջապես հեռացուց Վանէն Կարին, ուրկէ ալ չգիտենք դեռ թե ո՞ւր պիտի ղրկուի:

Յունիս 13-ին, բանտարկեց Խաչատուր Սօլախեան, Շիրակեան եւ այլ մի խումբ երիտասարդներ, սոքա յետոյ արձակուեցան , երաշխավորութեան տակ առնելով: Յունիս 20-ին բանտարկեց Գեորգ Շէրենց վարժապետ եւ Մարխաս Մունետիկեան մանրավաճառ որք Տփղիսէն կը վերադառնային իրենց հայրենիքը Վան: Հոն մտնելու օրերնին ճանապարհին վրայ ձերբակալուելով, առաջնորդուեցան դեպ ի բանտ:

Յունիս 24-ին, կառավարութիւնը յանկարծ կոխեց Կիւլիւմեան Կարապետ անուն երիտասարդ դերձակի տունը եւ բոլոր գտած գրութիւնները տարաւ որոց մէջ Նալբանդեանցի «Երկրագործութիւն» անուն գրքին ձեռագիր ընօրինակութիւնը գտնելուն համար, Կիւլիւմեանն ալ բանտարկեց:

Յուլիս 1 երեկոյին յանկարծ կոխեց Կեդրոնական վարժարանի նախկին աշակերտ Գարեգին Բաղէշցեանի տունը, ուր ամեն բան խուզարկելէ յետոյ, «Նար Դոս» լրագրի մի քանի թիւերն առաւ տարաւ, խիստ գրաքննուեան ենթարկելու համար: Եվ ո՞վ գիտէ, թէ  մինչեւ մեր այս տողեր գրած ժամանակ ուրիշ ի՞նչ տխուր բաներ  ալ պատահած են եւ կը պատահին Վանի մէջ: Մենք չնշանակեցինք այստեղ այն բազմաթիւ հայերի անուններ, որք գրեթէ ամեն օր կառավարութենէն կանչուելով հարցաքննութեան կեթարկուին եւ երաշխավորութեան տակ առնուելով կարձակուին:

Տասեն աւելի հայեր տարագրուեցան  Վանէն այս վերջին ժամանկներ եւ կամ կը հեծեն այն տեղ բանտերին մէջ: Տեղական կառավարութիւնը մի տեսակ պաշարման վիճակի մէջ դրած է Վանը. ոստիկանական մի գաղտնի ժողով կազմուած է, իրեն անդամ ունենալով մի քանի հայեր ալ: Թէ հրապարակի վրայ եւ թէ տուների մէջ երբ երկու հայ իրարու մօտ կը գան խօսին, կասկածելի կը դառնան եւ հետեւեալ օր կը բանտարկուին եւ կը հարցաքննուին: Վարձուած լրտեսներ եւ լրտեսուհիներ ամեն կողմ կը վխտան. մինչեւ իսկ տուները կը մտնեն կելնեն մուրացիկ աղքատի կերպարանքով: Եղբայր իւր եղբայրէ սկսած է կասկածիլ այժմ իբր լրտես:

Եւ մարդ այս բաներ լսած ատեն, կը զարմանայ եւ կը հարցնէ մտովի թէ ինչո՞ւ այս ամենը. ի՞նչ կայ արդեօք Վանի մէջ:

Մենք, որ բաւական տարիներ Վան մնացած եւ դեռ նոր հեռացած ենք այն տեղէ, ուր ժողովրդի գրեթէ ամեն խաւերին մէջ մտնելով եւ ելնելով ամենին ծանօթացած ենք, կը համարձակինք ասել մեր այժմեան դիրքի մէջ, որ ոչ մէկ տեղէ ակնկալութիւն չունինք, թէ Վանի մէջ բացարձակապես ոչինչ չկայ օսմ. կէրութեան կողմէն այդպիսի խստութիւններ հրաւիրելու արժանի:

(Շարունակելի…)

Մ. Փորթուգալեան

 

Ս.Թ.Սարգսյան

Tags, , , , ,

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԹԵՐԹ. ՅԱՌԱՋԱԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ / 1885 ՕԳՈՍՏՈՍ 1

1885 ՕԳՈՍՏՈՍ 1, (ՅՈՒԼԻՍ 20 Հ. Տ.)

ՅԱՌԱՋԱԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

ԱՐՄԵՆԻԱ-ի ուղղութիւնը եւ ծրագիրը պարզուած են արդեն: Յունիս 18-ի շրջաբերական Յայտարարութեան մէջ եւ մենք այսօր աւելորդ կը համարինք մի նախաբան դնել այստեղ:

      Մենք աւելի օգտակար կը համարինք մեր ազգի թերութիւնները ցոյց տալ եւ ժամանակիս ոգուն չհետեւող մեր դանդաղ ընթացքը մտրակել, քան թէ հայի գովելի յատկութիւնները անդադար հռչակելով խունկ ծխել: Գուցէ շատերին հաճելի չլինինք այս կերպով, բայց օգտակար կը լինինք: Եւ մեր փնտռածն ալ այս է. օգտակար լինիլ հայ ազգին:

 

Գրած էինք մեր Յայտարարութեան մէջ թէ այսօր հայ ազգը նիւթապէս, բարոյապէս եւ մտաւորապես շատ յետնեալ վիճակի մէջ կը գտնուի: Եւ ի՞նչպէս կարելի է, որ ժամանակին հետ յառաջ երթայ, երբ մեր մէջ ո՛չ եկեղեցականը, ո՛չ վաճառականը, ո՛չ արհեստաւորը, ո՛չ ուսանողը եւ ո՛չ բանւորը կը կարդայ, ժամանակիս ոգուն եւ նորանոր պահանջներին եւ դեպքերին ծանօթանալու համար: Պաշտօնական յայտնի մի վիճակագրութիւն չունինք, որ որոշապէս գիտնանք թե քանի՞ միլիօն հայ կայ այսօր աշխարհի վրայ (այս ալ քիչ ամօթ չէ մեզ համար), բայց ենթադրելով առ նուազն թէ ՎԵՑ ՄԻԼԻՕՆ հայ կայ, ի՛նչ տխուր գաղափար պիտի կազմենք հայի ընթերցասիրութեան վրայ, երբ գիտնանք թէ ամենէն շատ տարածուած հայ թերթը 1000 էն աւելի բաժանորդ չունենար: Ուրեմն մեր ազգի մէջ 6000 մարդէն մազիւ մէկ մարդ լրագիր կը կարդայ:

Կը զարմանանք Եւրոպացիների քաղաքական, արհեստական, առեւտրական եւ այլն յառաջադիմութիւններին վրայ. բայց պէտք է որ նկատենք նաեւ թէ նոցա յառաջադիմութեան միջոցները ո՞րոնք են: Մտիր մի եւրոպական քաղաք եւ անմիջապէս աչքիդ առջեւ կը ներկայանայ այդ միջոցներէ մին, նոյն իսկ փողոցներին մէջ եւ ամեն անկիւններ: Այդ միջոցն է Եւրոպացիների անյագ ընթերցասիրութիւնը:
Իբր օրինակ վեր առնենք Մարսէյլը:

     Այստեղ, ուր 1882ի մարդահամարին համեմատ 399,399 բնակիչ կայ, 60ի չափ լրագիր կը հրատարակուին զանազան նիւթերի վերաբերեալ: Ասոնց մէջեն միայն Petit Maseillais օրաթերթը 100,000 հատ կը ծախուի ամեն օր. Petit Provencal օրաթերթը գրեթէ նոյնչափ եւ այլն: Ասոնցմէ զատ  Փարիզէն ալ 100,000-ներով լրագիրեն կը գան հոս ամեն օր եւ փողոցները կը ծախուին: Ամէն մէկ քայլափոխին մարդ կը պատահի լրագրավաճառի խանութի  եւ շրջող լրագրավաճառների: Le Petit Journal de Paris լրագիրը որ ամեն օր գրեթէ 1 ՄԻԼԻՕՆ օրինակ կը տպագրուի, իրեն յատուկ վաճառատուն ունի Մարսեյլի մէջ եւ շոգեկառքը ամեն օր որոշուած ժամին կը բերէ հոս նորա լրագրական հակերը:

Արդ, եթէ լրագիրների այս ահագին քանակութիւն բաժնենք Մարսէյլի  400,000-ի չափ բնակիչներին վրայ, պիտի գտնենք որ 1 Մարսէյլցի աղքատն անգամ 20,000 հայի (որոց մէջ փաշաներ, էֆէնտիներ, Սրբազաններ եւ նշանաւոր  վաճառականներ ալ կան) կարդացածի չափ լրագիր կը կարդայ:

Հայ ընթերցողը գուցէ այս տողերի վրայ այնչափ շատ զարմանայ, որ չուզէ հաւատալ, բայց երբ մէկը այստեղ գայ, իր թերեհաւատութիւնը կը վերանայ: Նա կը տեսնէ փողոցները մանր մունր բաներ ծախելով հազիւ իրենց օրապահիկ ճարող պառաւ կիներն անգամ փողոցին մէջ նստած լրագիր կը կարդան: Նա կը տեսնէ որ կառավարները որք փողոցները կեցած կը սպասեն իրենց կառք վարձողի, մի եւ նոյն ժամանակ պարապ չեն մնար. ձեռքերնին մի լրագիր բռնած կը կարդան: Նա կը տեսնէ որ մինչեւ անգամ մի ածխավաճառի խանութին մէջ գտնւող 2 փոքրիկ սպասաւոր տղայները չեն կարող համբերել որ իրենց մեծաւորը լրագիրը կարդալէ յետոյ, զայն առնեն կարդան, այլ իրենք ալ մէկ մէկ հատ կը գնեն եւ կը կարդան (այս տողեր ուշադրութեամբ թող կարդան այն հայեր որք Կ. Պօլսի հայ լրագիրներին մէջ ստիպուած են երբեմն յօդուածներ կարդալ օթլախճիութեան դէմ): Նա կերթայ մի ոտնաման ներկողի (decrotteur) մօտ եւ մինչ իւր կոշիկներ կը ներկուին, ներկողը կը ներկայացունէ անոր մի լրագիր որպէս զի կարդայ եւ այդ միջոցին իւր վայրկեանները պարապ չանցնին. Կերթաք մի ճաշարան, կերթաք մի սրճարան, կերթաք սափրիչին մօտ ածիլուելու, վերջապէս ուր որ կերթաք, որ կողմ դառնաք, ձեզ մօտ լրագիրներ կը բերեն կը դնեն որ կարդաք: Լրագիրը հացին չափ անհրաժեշտ պէտք է Ֆրանսացուն, առանց նորա նա չէ կարող ապրիլ:

Ընթերցողութեան այսպէս տարածուած լինելուն շնորհիւ, նոր միտքեր եւ գաղափարներ, նոր գիւտեր եւ դէպքեր կրնան շուտով իրարու հաղորդուիլ եւ քաղաքագէտը, ուսուցիչը, եկեղեցականը, վաճառականը, արհեստաւորը, մշակը եւ այլն ամենքն ալ իրենց մասին մեծ օգուտներ կը քաղեն այս հաղորդակցութենէն, մտքերու այս իրարու շփումէն եւ զարմանալի յառաջադիմութիւններ կունենան:

Իրաւ է թէ մեր մէջ ալ ընթերցասիրութեան մասին մի փոքրիկ շարժում կը տեսնուի եւ մենք ԱՐՄԵՆԻԱ-ի Ա թիւը կը հրատարակենք շատ աւելի բաժանորդներ ունենալով, քան որչափ կը յուսայինք հիմնուելով 10 տարի առաջուան մեր փորձառութեան վրայ. բայց այդ շարժում բաղդատելով ուրիշ ազգերի յառաջադիմութեան հետ, կը տեսնենք որ մերը կրիայի շարժման չափ ալ չկայ, մինչդեռ ուրիշներ շոգէկառքներով կընթանան: Ոևէ ազգի յառաջադիմութիւնը կաղն ի կաղ կը լինի, եթէ կինն ալ չօգնէ միասին: Մենք ուրիշ անգամ կը խօսինք մեր ընթերցողներին՝ կնոջ գործունէութեան եւ կատարած դերի մասին եւս, թէ Եւրոպաի եւ թէ՛ Ասիաի մէջ:

Մ.Փ.

Ս.Թ. Սարգսյան

Tags, , , , , ,

ԱՐՄԵՆԻԱԻ ՆՊԱՏԱԿԸ ԵԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ. 1885 hունիս 18/6 (մաս 2)

Ազգային կառավարութեան գալով, մենք միշտ զրկուածների եւ հարստահարութածների կողմը պիտի լինենք, ժողովրդին վրայ բռնացողների եւ հարստահարողների դեմ: Տկարին ու զրկուածին իրաւունքը պաշտպանել, ճշմարտութեան ջատագով կանգնել, չվհատիլ եւ չընկրկիլ բռնաւորի իշխանութեան դառնաշունչ քամիներեն, այդ կլինի Արմենիաի գալիք ճանապարհի գիծը, լաւագույն համարելով մինչեւ իսկ մեռնիլ այդ գծին վրայ, քան թե շաղիլ այդ գծէ: Զորաւորները իրենց հարստութեամբ բարձր դիրք ստացած անտարբերները պետք չեն զգար Արմենիաի պաշտպանութեան: Նոքա անթափանցելի կհամարեն զիրենք ոսկեկուռ զրահների տակ, ուստի Արմենիան նուիրւած է զրկւածներին, որք միջոց եւ ձայն չունին զիրենք պաշտպանելու համար եւ սակայն հարստահարուած հայ ժողովրդի մեծամասնութիւնը կը կազմեն: Թուրքիայի գաւառցի հայերը որք մեր ազգի մեծ մասը կը կազմեն եւ որք սակայն ազգային խնդիրների մէջ ամենեն աւելի զրկուածներն են, եւ գաւառական մի թերթ ալ չունենալուն համար իրենց ձայն հաճախ կը խնդրուի, նույնիսկ ազգային շրջանակին մէջ, այդ գաւառացի հայեր իրենց ընդհանրական դատերի պաշտպանութեան համար բայց ասպարեզ պիտի գտնին Արմենիաի մէջ:

Թուրքիաի հայերի Սահմանադրութեան մասին, նորա ոգին եւ սկզբունք ջերմագին հարգողներեն ենք: 1860-63 յիշատակները, մեր պատանեկութեան օրերեն սկսած, այնպիսի խանդոտ տպաւորութիւն արած են մեր սրտի վրայ, որ Սահմանադրութեան ոգուն դեմ հարուած տրուած ժամանակ, կը սարսափենք իբր սրբապղծութենէ եւ ամիրայական ու չորպաճիական տխուր օրերէն վերադառնալու փափակը կը յիշեցունք մեզ եգիպտոսեն նոր ազատուած Իսրայելեան ժողովրդի վիճակը, որ յուր գիտութեան մէջ կերած սոխ ու սխտորին կը ցանկար հառաչելով: Այլ սակայն Սահմանադրութեան մէջ ժամանակիս պահանջներին աւելի հարմար  բարեխղճութիւններ մտցնելը անհրաժեշտ եւ ստիպողական կը համարենք: Եթե Սահմանադրական յեղափոխութիւնները նոր ոգի եւ կեանք բերելով ազգին, նոր եւ մեծ մարդեր ծնան մեր մէջ, չենք կարող ուրանալ նաեւ, որ մեր արդի Սահմանադրութիւն դիուրութիւն կը ընծայէ ճարպիկ շահագետներին, այնինչ ժողովրդի գլուխը եւ ամիրայների եւ նոցա արբանեակների արած զրկողութիւնները ի գործ դնել տարբեր եւ շլացուցիչ միջոցներով: Ցաւալի է, որ վերջին ժամանակներ, մեր ազգի վիճակ սկսած է հետզհետէ ավելի անմխիթար դառնալ. մի կողմէ կեղծ ազգասերներ եւ իմաստակ կիսագրագետներ երեւան կը գան հետզհետէ եւ զորաւոր կուսակցութիւն կազմել հոն. միուս կողմէ ալ ազգին համար առ ժամանակ կխորհրդէ եւ գործերէ յետոյ այս տխուր վիճակ տեսնողները կը կազմեն ազգային կեանքէ յուսահատների կուսակցութիւնը, որք այսպէս մի բաւական ստուար թիւ ունեն առայժմ:

   Այդ իմաստակների եւ յուսահատների ճղճիմ բազմութեան ճմլած կը տեսնուին քանի ժողովրդական նպատակներ չեն միանար ազգասերներ ալ որք մի կողմեն հալածում տեսնելով եւ միուս կողմեն ապաստանի տեղ չգտնելով ստիպուած են սպասել համբերութեամբ, որ խաւարի իշխանութեան օրերը անցնին եւ իրենց ազատութեան ու գործի ժամը հնչէ: Մեր կուսակցութիւն, որ բուն ժողովրդական ազատ կուսակցութիւնն է, հարստահարուած է այսօր եկեղեցական թեւի այն մասէ, որ կը կարծէ, թե իր շահ ազատ մտածումները խեղդելու մէջ է, հարստահարուած այնպիսի հարուստների այն մասէ, որ կը կարծէ թե միութեան եւ սրտի ազատութեան հայելին են արտաքին փայլին ձգտողները եւ թե հասարակ կոչուած ժողովուրդը հպատակելու, իսկ իրենք հրամայելու համար են ստեղծուած, հարստահարուած դարձեալ իմաստով կիսագրագետներէ եւ այն գծուծ շահախնդիր վարժապետներէ, որք անկեղծ ազգասիրութեան վրայ հիմնուած հաստատուն չունենալով այս կամ այն կուսակցութեան գործիք կը դառնան իրենց շահի համար եւ տգետներէ աւելի վտանգաւոր կը լինեն իրենց իմաստութիւններով:

Արմենիան կը լինի ուրեմն հայ ժողովրդին նուիրուած ազատական մի թերթ, որ ազատ մտածումները բռնաբարող եկեղեցականներին, ժողովուրդը արհամարհող իշխաններին եւ խաբեբայ իմաստակներին ընդդիմադիրպիտի լինի միայն հարգելով ջերմապես ազատամիտ եւ ազատասեր եկեղեցականները, ժողովրդասեր իշխանները եւ անձնուեր վարժապետները, որոնց էութիւնը պատիւ կհամարի իրեն: Նոքա, որոնց խիղճը ցույց կը տայ իրենց թե նախապես յիշած երեք խմբերէ մեկին կը պատկանեն, պիտի թշնամանալ Արմենիաին եւ իրենց ներքին մարդը մատնել հրապարակաւ: Բայց մենք վստահ ենք, որ այդ թշնամիների դեմ զորն ունենալ արդեն իսկ աչք առած ենք, հայ ժողովրդին ճշմարիտ բարեկամներ ալ կան բաւական, որք իրենց բերան եղող Արմենիան պիտի քաջալերեն բարոյապես եւ նյութապես, յառաջ մղելով տգիտութեան եւ բարութեան դեմ բացուած այն կռիւ, զոր երկար ժամանակէ հետէ կը վարէ կրթութեան յիրմեն զինուորներէ մին, Արմենիա խմբագրութիւնն ստանձնող անձը, յաճախ ընկնելով այդ կռուի մէջ զանազան դաշտերի վրայ:

Այս վստահութեամբ Արմենիաի այս շրջաբերական հայտարարութիւնեն կը ղրկենք շատերին եւ կը խնդրենք, որ իրենք ալ ույժ տան մեր այս նոր ձեռնարկին, թե իրենք բաժանորդ գրվելով եւ թե աշխատելով, որ Արմենիաի բաժանորդներ գտնեն իրենց ծանոթների շրջանին մէջ: Մեր այս հրավերի համապատասխանող ճշմարիտ ժողովրդական հայերեն կը խնդրենք, որ թե իրենց եւ թե իրենց գտած բաժանորդների հասցեները ղրկեն մեզ շուտով, որպեսզի 1885 հուլիսի 20/1 օգոստոսին Արմենիաի 1–ին թիվը հրատարակելու ժամանակ, կարելի եղածին չափով իմացած լինենք արդեն մեր բաժանորդների թիվը եւ ըստ այնմ անենք մեր նախապատրաստութիւնները: Արմենիան անպատճառ պիտի հրատարակվի այդ որոշած ժամանակ, միայն թե երբ նախապես տեսնէ իրեն համակրող բազմաթիվ բաժանորդներ, բնականապէս ավելի քաջալերուած երեւան կը գայ: Ավելորդ կը կարծենք մի առ մի բացատրել այստեղ, թե մի այսպիսի երկրի մէջ, ուր ոչ հայերեն տառեր կան, ոչ հայրերն գրաշար եւ նիւթական տեսակ դժվարութիւններ կը շրջապատեն զմեզ, ինչ աննախանձելի դրութեան մէջ կը գտնվինք մեր նպատակին ծառայելու համար ազատօրեն եւ թէ որքան ամենի ծախքերի ենթակայ կը լինենք հոս հայերուն հրատարակութիւնների յաջողութիւնը ապահովելու համար, այնպես որ Արմենիաի տարեկան 20 ֆրանկ  կամ փոստի ծախքով հանդերձ  1 օսմ. ոսկի եւ կամ 10 րուսական րուպլի թղթադրամ բաժանորդագինը՝ որ գուցե թանկ պիտի երեւի շատերին, որք չեն կարող ըմբռնել մի այսպիսի ձեռնարկի մանրամասնութիւնները, հազիվ թէ կրնայ թեթեւացնել այն նիւթական ծանր բեռը, որի տակ մտած ենք, վստահ լինելով, թէ հայ ազգին մեջ չեն պակսիր գէթ այնչափ հայրենասէր եւ ընթերցասէր հայեր, որք հաճին գոնե իրենց մատին ծայրով շարժիլ մեր քամակի այդ ծանր բեռը:
Թեեւ Արմենիաի բաժանորդները պարտաւոր են բաժանորդագինը վճարել կանխիկ, երբ կըսկսեն ստանալ լրագիրը, բայց իբրեւ մեր այս նորանոր ծախքերի բեռը ըստ մասին թեթեւանալը բարեկամութեամբ, այժմեն վճարելու փութացողներ գտնվին, մեզ հղած արտաքոյ կարգի այդ քաջալերելու համար իրենց շնորհապարտ կը թողուն զմեզ: Արմենիաի շրջաբերական այս յայտարարութիւն փութացինք վիմագրութեամբ հրատարակել, զի մի քանի շաբաթ կը տեւէ, մինչեւ որ մեր հայերեն տպարան տեղաւորւելու եւ կարգադրելու գործը վերջանայ: Ուրեմն մնաք բարով Արմենիաի բոլոր բարեկամներին, մեկուկես ամսի չափ լռութեան մէջ իրենց աշխատակցութիւն խնդրելով, գրութիւն օգոստոս 1–ին (Հուլիս 20) շաբաթ օր:

 

Արմենիաի խմբագիր-տնօրեն՝ Մ. Փորթուգալեան
Արմենիաի համարատու՝ Ֆելիքս Անֆանդեան
Մարսեյլ  1885 hունիս 18/6  

 

 

Ս.Թ. Սարգսյան

Tags, , , , , ,

ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ. ԱՐՄԵՆԻԱԻ ՆՊԱՏԱԿԸ ԵԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ. 1885 hունիս 18/6 (մաս 1)

Հայ ազգը գրեթե ամեն կողմ ցրուած լինելով, իրենցմե մի փոքր մաս ալ Եւրոպիո մէջ կը գտնուի: Եւրոպայի գաղթականութիւնը թեեւ հազարավոր մղոններով հեռացած լինի մայր-հայրենիքեն, տարակույս չկա թե այս հարաբերութիւնը ամեն կողմի հայերին հետ շատ օգտակար կլինի: Այդ հարաբերութիւնը գլխավոր միջոցներէ մին ալ լրագիրն է, որ զանազան տեղերի լուրերը այն տեղի հայերի մտածումները այս գործունեութեան  եւ ապրելու իրենց ազգակիցների հետ կապակցութեան միջոցները եւ այլ այսպիսի տեղեկութիւններ տալով, միութիւն եւ համերաշխութիւն կրնայ յառաջ բերել իրենց մէջ:
Արմենիայի հրատարակութեան ձեռնարկելով Մարսեյլի մէջ, մեր նպատակ եղած է Ֆրանսայի հայ գաղթականութեան եւ ուրիշ հայերին մէջ պնդել այդ միութեան կապը, գոյացնել կարգապահութիւն հաստատել հինաբնակ հայերին մէջեն եւ օգուտ քաղելով ֆրանսական հանրապետութեան ազատ օրենքներեն, հաստատել այստեղ մի հայկական տպարան, եւ որովհետեւ Արմենիա հայ թերթը հաղորդակցութիւն ունի Թուրքիաի, Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի հայերի հետ որք մեր ազգի մեծամասնութիւնը կը կազմեն, բնականապես պարտաւորւած ենք, խոհեմութիւն պահանջած սահմանին մէջ, յարգել նաեւ այս պետութիւնների հաստատած օրենքները: Արմենիան չպատկաներ բնաւ մի այնպիսի կուսակցութեան, որ օգուտ քաղելով յուր դիրքեն, նպատակ ունենայ զսպել այն ինչ տիրող պետութիւնը կամ պարսաւիլ այն ինչը: Հարկ համարեցինք այժմեն յայտարարել զայն մի անգամ ընդ միշտորպեսզի ոևէ սխալ ենթադրութիւններ կամ այդպիսի կասկածներ չլինեն մեր հրատարակութիւնների նկատմամբ, այժմ կամ ապագաին մէջ: Այս յայտարարութեամբ որ ապագան աւելի պայծառ պիտի ցոյց տա, ապահոված կը լինի արդեն Արմենիաի ազատ մուտքը ամեն հայաբնակ երկրին մէջ: Այժմ կը գանք ծրագրել այստեղ համառոտակի մեր տեսութիւնը հայ ազգի արդի վիճակին վրայ եւ Արմենիաի ունենալիք ուղղութիւնը:

Տաճկահայաստանը, Պարսկահայաստանը եւ Ռուսահայաստանը մեծ մասամբ պտըտած, այդ տեղերը կեանք անցուցած եւ գրեթե ամեն խոսքերին մեջ թափանցելով ազգային կեանքը հետազոտած եւ ամեն բան նույնիսկ մեր աչքերով տեսած լինելու համար, չենք կարող յուսախաբութեան մատնել զմեզ եւ երջանիկ վիճակի մէջ կարծել մեր ազգ: Այդպիսի լավատեսութիւնը (optimism) դավաճանութիւն կլիներ հայ ազգի ճշմարիտ շահերին դեմ եւ շատ ցաւալի է մեր ազգի արդի վիճակ. Մենք չենք անոնցմէ որք չեն ուզեր տեսնել թե հայ ազգը մի ամեհի անդունդի եզրը կը կենայ. Այսօր տնտեսական, վաճառականական, մտաւորական եւ բարոյական տեսակետներով շատ տխուր կացութեան մէջ ենք եւ հետզհետե ավելի կը վատթարանա մեր վիճակ: Ի՞նչ ունինք մխիթարական. դպրոցնե՞ր.- թողունք մանրամասնութիւնները. մի քանի տարիներէ հետո կխոսինք, կը վիճենք, կը կռուինք եւ դեռ մի Կեդրոնական վարժարան չենք կրնայ ունենալ Կ. Պոլսի մէջ: Կամչնանք այս նկատմամբ բաղդատութիւն դնելու զմեզ Հույներին հետ: Հարստութեա՞ն կողմեն պետք է որ մխիթարուինք.- այս մասին խոսքն անգամ աւելորդ է: Ամեն հայ գիտե այսօր թե Թուրքիաի տնտեսական վիճակի անկումը ամենէ աւելի հայերին վնասած է. Ամիրայութեան ժամանակի սեղանաւորութեան հետքն անգամ ջնջեցին եվրոպական կամպանիաները որոնց մէջ գրեթե բաժին չունեն հայերը, իսկ վաճառականութեան մեջ ալ ուրիշներին հետ մրցելու անկարող դրութեան մեջ կը գտնվինք այժմ:

Մի ազգի նիւթական եւ մտաւորական անկումը կառաջնորդէ նաեւ բարոյական անկումի: Բոլոր առաքինութիւնները որք անհրաժեշտ են իբր քաղաքացի ապրել ցանկացող ամեն անձի, մեր մեջ ոչ անուն ունեն ոչ իսկ նշանակութիւն: Ուրեմն կրոնական առաքինութիւնները կը հարգենք, բայց այժմ կրոնական կապն ալ գրեթէ կորցրած լինելով մեր մեջ, այլեւս ոչ կրոնական առաքինութիւնները կը քաջալերենք եւ ոչ ալ քաղաքական առաքինութիւնները յառաջ բերել: Մեծագործ բարեպաշտներ, անձնւեր հայեր չունինք գրեթէ բնաւ, մեծագործութեան եւ անձնւիրութեան համար հարկավոր է հափշտակւիլ վսեմ գաղափարներէ որք այս կամ այն տեսակետով կը ոգեւորեն մարդկանց ոյժ կը տան եւ առաջ կը մղեն: Նիւթական գծուծ հաշիւներ որոնցմով լցուած է գրեթէ մեր ամբողջութիւնը չեն թողուր մեզ բարձրանալ վսեմ մի աստիճանին, մարդկային գեղեցիկ մտատիպարներին (ideal): Բարիին, ճշմարիտին եւ գեղեցիկին գաղափարները մեր մէջ զարգացնելու պիտի ջանայ Արմենիան եւ պիտի քաջալերէ նոքայ գրելու ջանքերը:

Արմենիան նվիրուած է պաշտպանելու մարդկային այն նուիրական իրավունքներ որ ինչ ազգի ալ պատկանի եւ ինչ տերութեան տակ ալ գտնուի, անհրաժեշտ պետք է որ ունենայ իբր մարդ ապրելու համար: Ոչ մի տերութիւն, ոչ ռուսը, ոչ թիւրքը եւ ոչ ալ պարսիկը կհակառակեն թե հայերը իբր մարդ պետք չէ որ ապրին, ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն սկզբունքները պաշտոնապէս ընդունուած են արդեն քաղաքակիրթ աշխարհեն որի մեկ մասը կը կազմեն նաեւ յիշեալ երեք տերութիւնները: Ուրեմն Արմենիա պաշտպանելով մարդկային այն նուիրական իրաւունքներ որք բոլոր քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ճանչուած են պաշտոնապես, ոչ մի տերութեան առջեւ ապօրինաւոր շարժում չկրնար նկատուիլ:

Կընդունենք թէ ամեն ազգ մի մեծ ընտանիք կազմելով, այդ ընտանիք յուր ուզածի պես հանգիստ ապրելու եւ յուր ուզածի համեմատ յուր բնակարան կարգաւորելու համար, պէտք ունի իրեն սեփական մի տան, իրեն հայրենիքի: Բայց միեւնույն ժամանակ ամենքս ալ գիտենք որ, ինչպէս աշխարհիս վրա շատերին վիճակուած է եթե մի մարդու հաշիվները չեն ներել առանձին տուն ունենալ, ուրիշի վարձ վճարելով եւ ուրիշին կառաւարած տան մէջ հնարաւորին չափ յարմարւելով պիտի ապրի: Մենք ուրիշին չենք պահանջեր, միայն թէ հայեր կարող լինեն իրենց խնամող հովանուն տակ ապրել իբր հայ-մարդ, զարգանալ տնտեսապես, հանգստութեամբ ապրելու միջոցներ ունենալ, ազատութեամբ պաշտել իրենց կրոն, ազտութեամբ կառավարել իրենց ընտանիքին եւ ազատ լինել իրենց միտք զարգացնելու եւ յառաջադիմելու, մինչեւ այժմ իրենց վայելած առանձնաշնորհների համեմատ, թող հայեր իրենց այժմ կենտրոնացնեն իրենց վարժարանների վրա եւ աշխատեն ուսման, վաճառականութեան եւ արհեստների մեջ յառաջ երթալ, գեթ որչափ որ հանգամանքները թույլ կըտան այժմ: Ահա այս է մեր քաղաքական դաւանութիւն զոր առայժմ կարճիկարճոյ բացատրել ենք այստեղ:

Հայ ազգի եկեղեցու մասին, սաչափ կասենք որ Արմենիան կրոնական թերթ չէ. Հետեւապես սահմանուած չէ լուսաւորչականութիւն քարոզելու: Սակայն նկատելով թէ հայ ազգը քաղաքական կազմակերպութիւն չունի դեռ եւ թէ Հայաստանի հին եկեղեցին դարերէ հետէ հայ ազգութեան ապաստան եղած է, Արմենիան կըհարգէ այդ եկեղեցի եւ կընդունի թե նա կարող է որպես երկար ժամանակ խոր ազդեցութիւն ունենալ հայ ազգութեան վրայ, քանի որ արեւելքի մէջ հայ ամենաստուար մի մեծամասնութիւն որ քաղաքական կեանքի գաղափարն անգամ դեռ չէ կարող ըմբռնել, քանի որ այդտեղ «Էրմենի մելհեպի», «կաթոլիկ միլլիեթի» բառերը դեռ  անմիջապես կըգործածուին տիրող լեզուին մէջ եւ ըստ այնմ կըճանաչուին  պաշտոնապես, քանի որ քաղաքական առաքինութիւնները դեռ արմատ բռնած չեն, գեթ բաւական թվով հայերի սրտին մէջ: Ուստի Արմենիան ցաւով կը տեսնէ Հայաստանի եկեղեցուն մէջ պառակտումներ, որք կրնան զայն տկարեցնել: Բայց միեւնույն ժամանակ այդ եկեղեցիէ բաժան հայերն հալածելը հակառակ է: Արմենիան որ ազտաութեան ջերմ բարեկամ է, չէ կարող դաւաճանել մարդկային ամենամեծ իրաւունքի ազատութեան, խղճի ազատութեան, կրոնական թույլտվութիւն (tolerance): Բայց միեւնույն ժամանակ կը սիրէ յուր ազգ եւ կը հարգէ յուր ազգի մեծամասնութեան յարգած եկեղեցի: Բայց միեւնույն ժամանակ կը սիրէ եւ ճշմարտութիւնը զոր չէ կարող մատնել ոչ ոքի զայն չարչարելու համար: Խղճի ազատութեան իրաւունքը անվիճելի ճշմարտութիւններէ մին է:

(Շարունակելի…)

Արմենիաի խմբագիր-տնօրեն՝ Մ. Փորթուգալեան
Արմենիաի համարատու՝ Ֆելիքս Անֆանդեան
Մարսեյլ
1885 hունիս 18/6

Ս.Թ.Սարգսյան

Tags, , , , , ,

«Արմենիա» շաբաթաթերթի հոդվածները կրկին ձեր ուշադրության կենտրոնում

Շարունակել...

Ապրիլի 24-ի խորհրդի մասին

Ապրիլի 24-ը համայն հայության համար սգի, միևնույն ժամանակ՝ վերածնության օր է: Մենք բավականին երկար ժամանակ սգացինք մեր անգին կորուստները, և այսօր՝ իբրև մոխիրներից վերստին հարություն առնող Ազգ, մենք գիտակցում ենք մեր ուսերի և մեր խղճի վրա ծանրացած առաքելությունը: Դա առաքելություն է ապրելու, արարչագործելու, իբրև կենսունակ ազգ՝ վերստին մեր տեղն ամրագրելու աշխարհի զորավոր ազգերի կողքին: Այսօր, շուրջ հարյուր չորս տարի անց մենք հիշում ենք մեր կորսված Հայրենիքը, մեր միլիոնավոր պապերի անգին կորսուստները, և իհարկե՝ իրենց ինքնությունը կորցրած կամ թաքցնող մեր հարյուր հազարավոր արյունակից եղբայրներին: Մենք մեկ ազգ ենք, և միայն հանգամանքներն են մեզ ստիպել բաժանվել, մեկուսանալ, օտարվել միմյանցից: Մենք հավատում ենք, որ մեր արդար Պահանջատիրությունը հասնելու է իր հաղթական հանգրվանին: Հայը դարձյալ իր հողի վրա ապրելու և արարչագործելու է, ինչպես հազարամյակներ շարունակ:

Արմենական կուսակցութեան
Նախաձեռնող հանձնախումբ
24.04.2019թ.