Արմենակ Եկարեան ծնած է Վան քաղաքի Յանկոյսներ թաղը, որ Այգեստանի շրջանի ամենահին, բայց ամենազարգացած թաղերէն կը նկատուէր: Ծնողները զինք կ՚ուղարկեն Վանի վարժապետանոցը, ուր կ՚աշակերտէ Մկրտիչ Փորթուգալեանի: Երբ թուրք իշխանութիւններ կը փակեն վարժապետանոցը, ինք ալ, ուրիշներուն պէս, կը բոլորուի Մկրտիչ Աւետիսեանի եւ Գալուստ Ասլանեանի շուրջ՝ շարունակելու իր ուսումը, միաժամանակ իբրեւ արդուկիչ, ծառայութեան մէջ մտնելով դերձակի մը մօտ:

Տակաւին պատանի, Արմենակ կը հետեւէր ազատագրական շարժումին եւ կը խանդավառուէր Արմենական Կազմակերպութեան նախապատրաստական եռուն աշխատանքներով, մանաւանդ որ Յանկոյսներ թաղը ծանօթ էր որպէս ազատագրական շարժման հնոց: Թաղին պատանիները հաւաքելով, կը կազմէ իր խումբը: 1887-ին, այդ խումբի բոլոր անդամներով, կ՚անդամագրուի հայ քաղաքական առաջին կուսակցութեան:
Պարսկահայաստանը այդ շրջանին, վանեցիին համար ապահով կեդրոն մըն էր, որովհետեւ հայ յեղափոխականներ կրնային ազատօրէն գործել: Պերլինի վեհաժողովէն ետք, հայկական հարցի լուծման հեռանկարները այնքան մութ էին, որ գաւառի հայութեան միակ ելքը կը մնար, զինուիլ եւ ինքզինք պաշտպանել թուրքին կեղեքումներուն դէմ:
Արմենական Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, տեսնելով Արմենակի հմտութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ կ՚առաջարկէ անոր մեկնիլ Պարսկաստան եւ զէնք փոխադրել Վան: Եկարեան լքելով իր գործը, եւ իրեն գործակից ընտրելով Տրպէն (Մանուկ Վարդանեան), կ՚անցնի իր նոր առաքելութեան: Տրպէ լաւ քրտերէն գիտէր եւ ծանօթ էր Վանէն Պարսկաստան տանող բոլոր գաղտնի ճամբաներուն: Թուրք-պարսկական սահմանին վրայ, կը գտնուէր հայկական հին ու լքեալ Տերիկի վանքը, որ կը դառնայ Արմենակի առաջին օթեւանը ուր, յետագային, կը սկսին իջեւանիլ ամէն գոյնի հայ յեղափոխականներ: Պարսկահայքի մէջ, Եկարեան զէնքերը ձեռք կը բերէր Սալմաստ գաւառէն: Շնորհիւ իր խոհեմութեան, զանոնք ապահով կը հասցնէր Վան, ընդհանրապես ճանբորդելով գիշերուան մութին:
Կարճ ժամանակի մէջ, Արմենակ կը դառնայ Արմենականներու ամենափորձառու զինատարը:
Թրքական իշխանութիւնները ուշի ուշով եւ լուրջ մտահոգութեամբ կը հետեւէին Վանի մէջ յառաջ տարուող կազմակերպչական աշխատանքներուն: Սուլթան Համիտ, 1892-ին, կը կազմակերպէ Համիտիէ անունով ծանօթ քրտական անկանոն զօրքը: Վանի ոստիկանապետ կը նշանակուի հայատեաց Նուրին, որ քիւրտերու միջոցով, մեծապէս կը նեղէ հայ գիւղացիները: Արմենականներ կ՛որոշեն սպաննել Նուրին: Այս պարտականութիւնը կը ստանձնեն Փանոս Թերլեմէզեանն ու Արմենակ Եկարեանը: Եկարեան կը լծուի ոստիկանապետին շարժումները ուսումնասիրելու գործին, եւ իր թելադրութեամբ Փանոս Թերլեմէզեան կը յաջողի զգետնել Նուրին, հայկական թաղի մը մէջ, երբ ան իր հերթական քննութիւնը կը կատարէր: Որպէս հետեւանք այդ սպանութեան, կը կատարուին բազմաթիւ հայերու ձերբակալութիւներ եւ խոշտանգումներ բանտերու մէջ: Արմենական Մանուկ Շատուորեան, վերջ տալու համար գործադրուող վայրագութիւններուն, իր վրայ կ՚առնէ սպանութիւնը եւ կը բարձրացուի կախաղան:
Նուրիի կը յաջորդէ Ապտուլ Համիտի վստահելի թիկնապահը‘ Սաատէտտին փաշան, որուն հրահանգուած էր կազմակերպել հայերու կոտորածը Վասպուրականի մէջ:
Այս փոփոխութիւնը կը մղէ Արմենական Կուսակցութիւնը իր նիւթական միջոցները, առաւելաբար, տրամադրելու զէնքի փոխադրութեան, միշտ Եկարեանի միջոցով:

Կուսակցութեան հիմնադիր ղեկավարը, Մկրտիչ Աւետիսեան, Եւրոպայէն վերադառնալով կը հաստատուի Սալմաստ, ուր արդէն իբրեւ շրջանի հայկական վարժարաններու տեսուչ կը գործէր արմենական Գրիգոր Պէօզիկեանը: Եկարեան յաճախակի տեսակցութիւններով զանոնք տեղեակ կը պահէ Վանի կացութեան մասին: 1896-ի Յունուարին, ստացուած տեղեկութիւները կ՚ուրուագծեն մռայլ պատկեր մը: Աւետիսեան կ՚որոշէ անցնիլ Վան` տեղւոյն վրայ տնօրինելու անհրաժեշտը: Պէօզիկեան եւ Եկարեան կը մնան Սալմաստ:
Արմենականները Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ կը պատրաստուին ինքնապաշտպանութեան: Եկարեան կը լծուի զէնքերու փոխադրութեան իր հերթական ճամբորդութեան, բայց այս անգամ անակնկալօրէն կը ձերբակալուի պարսկական իշխանութիւններու կողմէ: Առանց իր հասցնելիք օգնութեան եւ իր ներկայութեան` տեղի կ՚ունենայ Վանի հերոսական յաջող ինքնապաշտպանութիւնը, որ պատմութեան պիտի անցնէր իբրեւ Մեծ Դէպքը, եւ որ պիտի յանգէր Աւետիսեանի եւ իր 800 հետեւորդներուն նահատակութեան` քրիստոնեայ միջնորդ պետութիւններու եւ թուրքերու միասնական դաւադրութեան հետեւանքով:
Մեծ Դէպքէն ետք, կուսակցութեան գլուխը կ՛անցնի անոր հիմնադիրներէն Եղիշէ Գոնտաքչեանը, բայց չար բախտը վերջ կը դնէ այս քաոասնամեայ երիտասարդի կեանքին 1897-ին: Նոյն տարին, բանտէն ազատ արձակուելով, 40 հոգինոց խումբով մը Վան կը վերադաոնայ Եկարեան եւ վերաշխուժացնելով կուսակցութիւնը, կը շարունակէ զէնքեր ամբարելու աշխատանքները:
1898-ին, Արմենակ կ՚ամուսնանայ եւ կը փորձէ անցնիլ նստակեաց կեանքի, զբաղելով պարսկական գորգերու առեւտուրով: Առեւտուրի առընթեր, գորգերու հետ Վան կը փոխադրէ նաեւ զէնքեր, լեզու գտած ըլլալով քիւրտ ցեղապետներու հետ:
1903-ին Եկարեան կը փոխադրուի Ուրմիա, միշտ նոյն գործով: Վանի մէջ արմենականներու ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Գէորգ Սեմերճեան, որ յաճախ կ՚այցելէ Ուրմիա եւ կ՚իջեւանի Եկարեանի բնակարանը, որ արդէն հաւաքավայր մը դարձած էր բոլոր հայ փախստականներուն եւ ճամբորդներուն:
Քիւրտ ցեղապետներու հետ Եկարեանի եւ Սեմերճեանի հաստատած կապերուն շնորհիւ է, որ 1904-ին, Զօրավար Անդրանիկ աոանց միջադէպի, իր 70 զինակիցներով կ՛անցնի Պարսկաստան եւ ապա Կովկւսս:
Եկարեան, Ուրմիոյ եւ յարակից շրջաններու մէջ, դարձած էր ամենահեղինակաւոր ազգային դէմքը: Ընկերները զինք կը կոչէին Կարօ (Կարապէկ), իսկ ուրիշներ’ Արմենակ աղա: Արմենականներու կեանքին մէջ այդ տարիներուն գլխաւոր իրադարձութիւնը կ՚ըլլայ, Գրիգոր Պէօզիկեանի ջանքերով Պալքաններու միութենականներում միաձուլումը իրենց հետ եւ անմիջապես ետք, Աղեքսանդրիոյ մէջ կազմութիւնը Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան, 1908-ի Հոկտեմբերին:
1909-ի գարնան, Եկարեան ընտանիքով կը վերադառնալ Վան, թրքական կեղծ Սահմանադրութեան հոչակումէն ետք, ակնկալելով որ արեւմտահալութեան համար կը բացուի աւելի բարօր կեանքի նոր շրջան մը:
Շարունակելով հանդերձ գորգի առեւտուրը, Արմենակ կը գլխաւորէ Վանի Սահմանադիր Ռամկավարները եւ կանոնաւոր յարաբերութիւն կը մշակէ Զօր. Անդրանիկի, Գր. Պէօզիկեանի (նաեւ ծանօթ Շիկահեր մականունով), եւ ՀՍՌԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հետ, վերջինէն ստանալու համար կուսակցական համապատասխան ցուցմունքներ:
1915-ի սկիզբը, Շեւտէթ պէյ կը յաջողի սպաննել դաշնակցութեան Վանի ղեկավարներէն Իշխանն ու Վռամեանը: Արամ Մանուկեան կը հարկադրուի ապաստանիլ ռամկավար Կարապետ Շատախցեանի մօտ: Եկարեան կը փութայ հոն: Կը խորհրդակցի Մանուկեանի հետ, եւ ըստ այնմ կ՚որոշուի կազմել եռանդամ զինուորական մարմին մը Եկարեանի գլխաւորութեամբ եւ դաշնակցական Պուլղարացի Գրիգորի եւ Կայծակ Աոաքելի գործակցութեամբ: Մինչ այդ, Վանի կուսակալը թրքական զօրանոցներու մօտ զետեղել տուած էր թնդանօթներ եւ ամէն տեղ սկսած էին վխտալ շրջուն պահակագունդեր: Յստակ էր, թէ թուրք կառավարութիւնը յատուկ ծրագիր մը կը հետապնդէր:
Զինուորական մարմնին աոաջին գործը կ՚ըլլայ հաւաքել հայոց մօտ գտնուող զէնքերը, թիլով 625: Եկարեան քաղաքը կը բաժնէ մասերու’ համապատասխան պաշտպանական խումբերով, որոնց տրամադրութեան տակ կը դրուին բաւական քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք: Զինուորականին զուգահեռ, կը ստեղծուի նաեւ քաղաքային մարմին մը Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Գաբրիէլ Սեմերճեանի (ՀՍՌԿ), Փանոս Թերլեմէզեանի (ՀՍՌԿ) եւ Հրանդ Գալիկեանի (ՍԴՀԿ):
Վան քաղաքը արդէն պաշարուած էր 4,000 թուրք զինուորներէ: Անոնց թիւը, հետագային պիտի բարձրանար 7,000-ի, եւ որոնց պիտի աւելնային նաեւ քիւրտ հրոսակներ: Անոնք ունէին զանազան տեսակի թնդանօթներ եւ անսահման զինամթերք: Հայկական ինքնապաշտպանութիւնը կը կեդրոնանայ գլխաւորաբար Այգեստանի շըրջանին մէջ, ուր կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն Եկարեանի ամենավստահելի մարտիկները’ Հիւսեան ռամկավար եղբայրներու խումբը եւ Նազարէթ Պուռնութեանի թռուցիկ խումբը:
7 Ապրիլին, իրենց դիրքերէն դուրս գալով, երկու ռամկավար մարտիկներ’ Եղիա Նախշունեան եւ Յակոբ Տիւրզեան, կը բռնուին թշնամիի կրակին եւ կը դաոնան աոաջին զոհերը Վանի հերոսամարտին: Թշնամին իր թնդանօթներով կը փորձէ քանդել հայկական թաղերը: Հայերը կու տան ոչ մէկ զոհ, որովհետեւ տուները դատարկուած էին արդէն եւ բնակիչները ապաստանած’ այգիները, կամ թրքական զօրանոցի ճամբաներով, անցած էին հին քաղաքը, ուր կը գտնուէին թրքական զօրանոցի վերածուած բերդը, եւ անգլիական հիւպատոսարանը: Հայեր, առանց զոհ տալու, կը յաջողին գրաւել զօրանոցը եւ կապ հաստատել ռուսական ամենամօտ զօրագունդին հետ:
Եկարեան, օգտուելով գիշերուան մութէն, իր կտրիճներով կը դիմէ մօտակայ գիւղերը, փախուստի մատնելով քիւրտ հրոսակները, գրաւելով անոնց զէնքերը:
Շուրջ ամիս մը տեւող գոյամարտի ընթացքին, Վանի մօտաւորապես 70,000 հայերը, ոչ միայն յաջողապէս դիմադրած էին թշնամիին, այլեւ կրցած էին հին քաղաքէն փախուստի մատնել մեծաթիւ թուրք բնակչութիւն, երբ Մայիս 6-ի առաւօտեան, ռուսական զօրագունդը, 2000 կովկասահայ կամաւորներով, կը մտնէր Վան Զօր. Նիքոլայեւի առաջնորդութեամբ:
Նիքոլայեւ պարգեւատրելով Եկարեանը, զինք կը կարգէ Վանի շրջանի զինուորական հրամանատար, իսկ ռամկավար Արտակ Դարբինեան կը նշանակոփ Վանի քաղաքապետ՝ առ ի գնահատանք ՀՍՌԿ-ի խաղացած բախտորոշ դերին:
Վանի հերոսամարտը կը հանդիսանայ հայ ազատագրական պայքարի ամենափայլուն էջերէն մին, որուն շնորհիւ Վանի հայութիւնք կը փրկուի ստոյգ կոտորածէ եւ Վան կը վերագտնէ իր հայկական դիմագիծը: Բայց, քանի որ Վանի հայութիւնք ի վիճակի չէր տակաւին իր թեւերը տարածելու ամբողջ Վասպուրականի վրայ, շրջանի զանազան քաղաքներէն եւ գիւղերէն, հայեր կը սկսին գաղթել Կովկաս, ռուսական բանակի հովանիին ներքեւ:
Սեպտեմբերին, Նիքոլայեւ Վանը կը հռչակէ ռուսական քաղաք, բացայայտելով ռուսական ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը Ա. Պատերազմի ընթացքին:
Եկարեանի կ՚աոաջարկուի ստեղծել երկրապահ գունդ մը, որուն դերը պիտի ըլլար Կովկաս փոխադրուող հայերու անվտանգութեան ապահովումը: Եկարեան կը ստանձնէ այդ դերը, գործակցութեամբ, Ամերիկայէն յատուկ առաքելութեամբ հասած, ռամկավար Ճիմ Չանգալեանի, դաշնակցական Վահան Փափազեանի ու Պուլղարացի Գրիգորի:
Արեւմտահայաստանի հիւսիսէն, թրքական բանակը սկսած էր յառաջանալ դէպի Արեւելահայաստանի սահմանները, մինչ ռուսական բանակը հրահանգ ստացած էր նահանջելու: Կղզիացած Վասպուրականի հայութիւնք ուրիշ ելք չունէր, եւ հարկադրուած էր լքել իր պապենական հողը: Եկարեանի գլխաւորած երկրապահ գունդը կ՚ապահովէ Վասպուրականցիներու անվտանգ փոխադրութիւնը Կովկաս:
1918-ին, Եկարեանը կը գտնենք հաստատուած Թիֆլիս, ուր ՀՍՌԿ-ն լծուած էր լայնահուն գործունեութեան:
1920-ին, Եկարեան իր խումբով կը մեկնի Կիլիկիա, որպեսզի հետագային, Զօր. Անդրանիկ միանալով իրեն, կարենային իրագործել Կիլիկիոյ անկախութեան ծրագիրը: Սակայն ֆրանսական իշխանութիւները կ՚արգիլեն Անդրանիկի մուտքը Կիլիկիա, եւ Եկարեան կը ստիսպուի անցնիլ Գահիրէ, ուր հինգ տարիներու խաղաղ կեանքէ մը ետք, 1925-ին, զոհը կը դաոնալ ժանտախտի, եւ 55 տարեկանին, վերջ կը գտնէ հերոսին փոթորկալի կեանքը:
Եկարեանի անունը ոսկի տառերով արձանագրուած կը մնայ մեր պատմութեան մէջ, որպէս արժանի գնահատանք Վանի հայութեան փրկութեան իր նուիրական գործին: